Սիրելի հայրենակիցներ,
Արդէն աւարտին կը մօտենայ 2014 թուականը եւ շուտով պատմութեան անսխալ ժամացոյցին աշխոյժ զանգակները կ’աւետեն նոր` 2015 թուականին սկիզբը: Իւրաքանչիւր նոր տարի նախորդին տրամաբանական շարունակութիւնն է, եւ բարեմաղթութիւններու հետ մէկտեղ` այդ օրերուն ամէն ոք նաեւ անցած տարուան աշխատանքներուն ամփոփ հաշուետուութիւնը կը կատարէ: Իր 128-ամեայ գործունէութեան ընթացքին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը միշտ եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի յառաջամարտիկներու շարքին մէջ եւ անոր բարգաւաճման, ազատ ու արժանապատիւ կեանքին երաշխաւորը:
Այսօր ալ, հաւատարիմ մնալով իր մեծ նախորդներու հայրենանուէր պատգամներուն` ժողովուրդին անմնացորդ ծառայելու հնչակեան հրամայականին` ՍԴՀԿ-ը նոյն նուիրումով եւ բարձր պատասխանատուութեամբ պատրաստ է պաշտպանել հայոց արդար պահանջատիրութիւնը եւ իր նշանակալի ներդրումը բերել հայ ժողովուրդի համար վճռորոշ` 2015 թուականին նախատեսուած մեծ ու փոքր բոլոր ազգանպաստ ձեռնարկներուն` ի Հայրենիք, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Սիրելի հայրենակից, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը խորապէս համոզուած է, որ 2015-ը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի ոգեկոչման հարիւրերորդ տարելիցը, այլեւ բեկումնային է մեր արդար պահանջատիրութեան սուրբ գործին համար: Արցախեան փառահեղ յաղթանակը, այնուհետեւ թուրք-ազերի պարբերաբար շարունակուող նենգ ոտնձգութիւններուն արժանի հակահարուածները միայն կը բազմապատկեն մեր հիմնաւորուած լաւատեսութիւնը:
2015-ը Հայրենիքի ազատագրութեան պայքարի զոհասեղանին իրենց հպարտ գլուխները դրած հնչակեան պանծալի Քսաններուն նահատակութեան հարիւրամեայ տարելիցն է: Մեծն Փարամազ ու իր համախոհները չկրցան ընկճել ո՛չ թրքական դժնդակ բանտերը, ո՛չ ալ քսան կախաղաններու չարագոյժ օղակները: Չկրցան, որովհետեւ անոնք ոչ թէ դէպի մահ, այլ` դէպի անմահութիւն գացին: Պատմութիւնը ապացուցած է անոնց ընտրած պայքարի ուղիին ճշմարտացիութիւնը եւ Հնչակեան Կուսակցութեան հարիւր քսանեօթամեայ ընթացքը լաւագոյնս կը վկայէ, որ մեր ժողովուրդին համար ամէնէն ճակատագրական օրերուն իսկ ՍԴՀԿ բնաւ չշեղեցաւ անոնց նախանշած ճշմարտութեան եւ արդարութեան ուղիէն:
Լաւատեսութիւնը կեանքի կոչելու համար իւրաքանչիւրէս պիտի պահանջուի ուժերու կեդրոնացում, ամուր կամք ու աննկուն ոգի, այսինքն այն, ինչ մեր մէջ անմնացորդ նուիրումի ու հերոսական զոհաբերութեան գինով ներարկած են մեր Կուսակցութեան Մեծ Նահապետները:
Սիրելի հայ ժողովուրդ, սէր, հպարտութիւն, համերաշխութիւն, խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ բարգաւաճում կը մաղթենք ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն: Թող այս տարին իւրաքանչիւրիդ համար անձնական եւ հաւաքական իղձերու իրականացման տարի ըլլայ: Հայ ժողովուրդը, որ անտրտունջ հազարամեակներու ծանրածանր բեռը կրած է իր չծերացող ուսերուն, աւելի քան արժանի է ատոր:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն