Մոնթեվիտէոյի խորհրդանիշ համարուող «Թէաթրօ Սոլիս»-ի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու նուիրուած գլխաւոր ձեռնարկը Ուրուկուէյի մէջ:
Ներկայ էին Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետուհի Աննա Օլիվերա, Խորհրդարանի անդամ Փապլօ Ապտալա, որ Ուրուկուէյի ներկայացուցիչն էր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, Առաջնորդ Սրբազան Յակոբ արքեպիսկոպոս Գլընճեան, Կաղողիկէ վարդապետներ Անթոնիօ Քէչէճեան, Ժենարօ Լուսարարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսի ներկայացուցիչ Ալիսիա Աբրահամեան, Ս.Դ.Հ.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ.Յակոբ Տիգրանեան, անդամներ վազգէն Գալթաքճեան եւ Սամօ Սարգիսեան:
Հանդիսավարն էր երիտասարդ ընկերուհի Աննա Լաուրա Գինոսեան հայերէն լեզուով եւ պատհերասփիւռի ու ձայնասփիւռի փորձառու եւ համբաւաւոր հաղորդավար Պերճ Ռուբէնեան կատարեցին ձեռնարկին բացումը: Հնչեցին Ուրուկուէյի եւ Հայասատանի պետական օրհներգները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէն եւ սպաներէն լեզուներով Ս.Դ.Հ.Կ. Ուրուկուէյի Վարիչ Մարմնի ատենապետուհի Անի Կարապետեանը:
Ապա ներկաները դիտեցին «Քսաններու Լուսաբացը» վաւերագրական ֆիլմը սպաներէն թարգմանութեամբ, ձայնագրութիւն՝ Պերկ Ռուբէնեանի եւ թարգմանութիւն՝ Տիեկօ Գարամանուկեանի եւ Յովհաննէս Պոտուքեանի, ընդհանուր յուզումի մթնոլորտի մէջ:
Խօսք առաւ Սրբազան հայրը: Ան խօսեցաւ յուզուած ու բովանդակալից ձեւով սպաներէն եւ հայերէն լեզուներով ու գովեց ձեռնարկը եւ ֆիլմը:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին մայէսթրօ Ալվարօ Յակոբեան դաշնամուրի վրայ եւ ջութակահար Մաթիաս Քրասիուն: Նուագեցին Էտուարտ Պաղտասարեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի գործերէն կտորներ, արժանանալով բուռն ծափողջոյններու:
Խօսք առաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան: Ան վեր առաւ Ուրուկուէյի դերը, որպէս երկիր մը, որ առաջինը ընդունած է հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան յայտնեց թէ Ուրուկուէյը յատուկ տեղ ունի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ:
Այս առիթով նորահաստատ Ս.Դ.Հ.Կ.«Փարամազ» մետալով պարգեւատրուեցան ընկերներ՝ Պօղոս Աճեմեան, Ենովք Ասլանեան եւ Երուանդ Կանիմեան:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Ս.Դ.Հ.Կ.քայլերգով: