Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015ին եւ եռօրեայ կեցութեամբ Փարիզ ժամանած էր, մասնակցելու համար Հնչակեան Քսաններու 100 ամեակի ոգեկոչման, ՍԴՀԿի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը որուն կը գլխաւորէր Կուսակցութեան ատենապետ, Յակոբ Տիգրանեանը: Անոր կ՛ընկերակցէին Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ, Լիբանանի պետական երեսփոխան, Սեպուհ Գալփաքեան, Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ Վազգէն Գալթաքճեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան Երիտասարդական ու Մարզական դիւանի պատասխանատու Խաչիկ Քէշիշեան:
Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015ին պատուիրակութիւնը ներկայ եղաւ Ալֆորվիլ քաղաքի Գէորգ Արապեան երկրորդական վարժարանի բացման ներկայութեամբ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու վարչապետներ’ Մանուէլ Վալսի եւ Յովիկ Աբրահամեանի: Նոյն օրը հանդիպում տեղի ունեցաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ, Ծերակուտական, Լիւք Գարվունասի հետ եւ ինչպէս նաեւ Վալ տը Մարն նահանգի երեսփոխան, Րընէ Րուքէի հետ:
Յաջորդ օրը, Կիրակի, Յուլիս 5, 2015ին պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ, ֆրանսահայոց Առաջնորդ, Կաթողիկոսական Պատուիրակ արեւմտեան Եւրոպայի, Տէր Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեանին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան տարբեր ազգային նիւթեր ինչպիսին, ՍԴՀԿ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցի յարաբերութիւնները, ՍԴՀԿի եւ Հայոց Եկեղեցիի դերը ազգապահպանման գործընթացին մէջ, սփիւրքեան հայ երիտասարդութեան ցուլումի վտանքը: Պատուիրակութիւնը հրաժեշտ առաւ Սրբազանէն, խոստանալով աշխուժացնելու Եկեղեցիին հետ համագործակցութիւնը: Այս տեսակցութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայր Ժիրայր Վարդապետ Դաշճեանը:
Նոյն օրը, պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Կոմիտաս Վարդապետի արձանին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան Փարիզի յուշակոթողն է եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Քսաններու յիշատակին:
ՍԴՀԿի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումներուն կը մասնակցէին Ֆրանսայի շրջանի Վարիչ Մարմինի անդամներ: